2015-04-04 09:39:00

Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Քահանայապետին պատուիրակը, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Իրաքի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի մէջ կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, Քահանայապետին պատուիրակը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, բերելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին օրհնութիւնն ու նիւթական օգնութիւնները բնակչութեան մը որ ամէն օր կը հիւծի ու կը տանջուի իսլամ պետութեան հալածանքէն։

Կարդինալ Ֆիլոնի իր այս շրջագայութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ եազիտիներու, քիւրտերու  եւ այլ փոքրամասնութիւններուն հետ։ Աւագ Հինգշաբթի օրը  Տէհոք աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ վերջին Ընթրիքի պատարագը մատուցեց, որուն ընթացքին ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց 12 գաղթականներուն։ ''Իմ ներկայութիւնս Իրաքի հիւսիսը փոքրամասնութիւններու միջեւ հաւասար է ուխտագնացութեան մը, ուր առիթը ունեցայ նաեւ հանդիպելու եազիտի ընտանիքներուն ու մահմետականներուն հետ։ Ասիկա ինծի կը թուի շատ գեղեցիկ  ու մխիթարական երեւոյթ մը,  որովհետեւ իմաստ կու տայ միութեան ու եղբայրակցութեան։ Հոս ամէնքը նոյն տանջանքի ենթարկուած են ու միասնաբար կ’ապրին Աւագ Շաբաթուայ խորհուրդը։ Անոնք յոյս կը  յայտնեն շուտափոյթ վերադառնալ հայրենական տունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.